2017-08-07 08:41:00

Ոչ եւս է Կարդինալ Թեթթամանցի` Միլանօ թեմին երբեմնի առաջնորդ։ Յուղարկաւորութիւնը 8 օգոստոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ`  5 օգոստոս 2017-ին, 83 տարեկանին, իր մահկանացուն կնքեց Միլանօ Թեմին երբեմնի արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Տիոնիճի Թեթթամանցին։ Լուրը կը գուժէ Մինաօ թեմին առաջնորդութիւնը։

Կարդինալ Թեթթամանցի ծնած էր 14 մարտ 1934-ին Իտալիոյ Ռենաթէ քաղաքին մէջ ու փոքր հասակին մուտք գործած էր թեմական նորընծայարան։

28 Յունիս 1957-ին թեմական Քահանայ կը ձեռնադրուի ձեռամբ յետագայի Պօղոս Զ Քահանայապետ` գերապայծառ Ճովաննի Պաթթիսթա Մոնթինիի։

Աւարտելէ ետք Աստուածաբանական ուսումները կը նուիրուի դաստիարակութեան ասպարեզին եւ 1987-ին կը ստանձնէ Ամպրոզեան թեմին Նորընծայարանի տնօրէնի պաշտօնը մինչ 1 յուլիս 1989-ին կը դառնայ Անքոնա- Օզիմօ թեմին Արքեպիսկոպոս։

14 Մարտ 1991-ի կ՛ընտրուի Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար։ 20 ապրիլ 1995-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ Ճենովա թեմին արքեպիսկոպոս մինչ 2002-ի Յուլիս 11-ին կ՛ընտրուի Միլանոյի Ամպրոզեան թեմին Արքեպիսկոպոս, այդ պաշտօնը վարելով մինչեւ 2011-ի Յունիս 28-ն։

Որպէս կարդինալ Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ` 2005-ին, Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ ընտրութեան, եւ 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութեան։

Կարդինալական տիտղոսը ընդունած է ձեռամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին` 21 Փետրուար 1998-ին։

Ի լուր Կարդինալ Թեթթամանցիի մահուան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Միլանօ թեմին առաքելական հոգաբարձու Կարդինալ Սքոլային յայտնելով իր ցաւակցութիւնները ննջեցեալին բոլոր հարազատներուն ու սիրելիներուն ու մատնանշելով Կարդինալ Թեթթամացիի վաստակին ու գործունէութեան ու յատկապէս անոր Աւետարանական վկայութեան ու Եկեղեցւոյ մատուցած խոնարհ ծառայութեան,ի մասնաւորի աղքատներուն ու թշուառներուն։ 

Հեռագիրին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ` իր հաւատարիմ ծառան ընդունի յաւիտենական կեանքին մէջ, ապա իր օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան կարդինալին մահը, յատկապէս անոնք որ այս վերջին օրերուն խնամք տարին հիւանդ հայրապետին։

Ննջեցեալ Կարդինալ Թեթթամանցիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 8 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 11-ին Միլանոյի աթոռանիստ եկեղեցի ''Տուոմօ''ի մէջ նախագահութեամբ Միլանօ Թեմի Առաքելական յանձնակատար Կարդինալ Անճելօ Սքոլայի ու Միլանօ Թեմին նորընտիր Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Մարիօ Տելփինիի։ Կարդինալ Թեթթամանցիի աճիւնները  պիտի զետեղուին Տումոյի աջ կողմ գտնուող մէկ խորանին տակ ուր եւ կը գտնուին Կարդիանլ Շուսթըրի աճիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.